2014-08-18 13:01:15

Ֆրանչիսկոս Պապի Իրաքի տեղահաններու հայող թուիթը` ''Աղօթք տեղահան Իրաքցիներուն համար''։


''Շատ մը անմեղներ Իրաքի մէջ վտարուեցան իրենց տուներէն։ Տէր, քեզի կ՛աղօթենք որպէսզի անոնք կարենան շուտով վերադառնալ իրենց օճախները''։ Գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երկուշաբթի 18 օգոստոսին հրատարակած մէկ թուիթին մէջ։
Յայտնենք որ Նորին Սրբութիւնը հակառակ Քորէա կատարած առաքելական ճանապարորդութեան խիտ օրակարգին, շարունակեց հետեւիլ Իրաքեան անցուդարձերուն եւ առօրեայ հրատարակած թուիթներով, յարատեւ մօտիկութիւն ցուցաբերեց Իրաքցիներուն, հանրային կարծիքի եւ պետութիւններու ուշադրութեան հրաւիրելով Իրաքի փոքրամասնութիւններուն ողբերգական իրավիճակը։
Նշենք նաեւ թէ` այս առընչութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապը, որպէս իր յատուկ պատուիրակ Իրաք ուղարկած է, Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի նախագահ` Կարտինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին։








All the contents on this site are copyrighted ©.